Անահիտը (Քմայապատում)


Սարգիս Վահագն


 


- Ա -


Մուտքի փոխարէն, ինծի թոյլ տուէք պարզ հարցում մը. երզնկացի հայ տեսե՞ր էք: Տարօրինա՞կ է հարցումս: Գուցէ անկապ կամ չպատճառաբանուա՞ծ: Բնա՛ւ. հարցումս սերտ առնչութիւն ունի պատմելիքիս .հետ: Ուրեմն կրկնեմ. երզնկացի հայ տեսե՞ր էք: Գրաւի կու գամ, որ ձեզմէ շատ քիչեր տեսեր են: Գուցէ ոչ ո՞ք: Չեմ զարմանար: Օրինաչափը այդ պիտի ըլլար, քանի որ թիւով այնքա՜ն քիչ են այդ տեսակի հայերը: Իսկ եղածն ալ, տարտղնուած՝ ի սփիւռս աշխարհի: Անշուշտ միշտ այսպէս չէ եղած: Մեծ Եղեռնէն առաջ, միայն Երզնկա քաղաքին մէջ տասնըհինգ հազարէն աւելի եղած է անոնց թիւը: Բայց բռնագաղթի արիւնոտ ճամբուն վրայ, Կամախի կիրճերու անցքին, թուրքերը տասնըերեք հազարը ջարդեր են: Իսկ Տէր Զօր հասած մնացորդացէն, քիչերը միայն կրցեր են ճողոպրիլ նախճիրէն: Գիտեմ, երկարեցի այս մուտքը: Պարզ հարցում մըն էր, ու ահա՛ ուր հասայ: Հարցումը դարձաւ վառօդի տակառ: Մինչդեռ, ըսել ուզածս այս էր. քանի որ երզնկացի հայ չէք տեսած, հրամմեցէ՛ք, օգտուեցէ՛ք առիթէն եւ ծանօթացէք. անունս Երուանդ Վիրապեան է, ուղն ու ծուծով երզնկացի: Կ՛երեւի Վիրապեան տոհմանունը ձեզի ոչինչ յուշեց: Բնական է, Երզնկան չէք ճանչցած: Ուրեմն՝ բացատրեմ. Երզնկան համբաւուած էր երկու բանով. իր գործած բեհեզներով եւ Վիրապեան տոհմով: Խորքին մէջ, միայն՝ Վիրապեանով, քանի որ առանց անոնց բեհեզ չէր կրնար ըլլալ Երզնկային մէջ: Անոնց մենաշնորհն էր բեհեզի արտադրութիւնն ու արտածումը: Ահա՛, այս մեծանուն գերդաստանին վերջին շառաւիղն եմ, ե՛ս, համեստս: Այսպէս՝ բեհեզ եւ Վիրապեան զիրար կ՛արժեւորեն: Խնդրե՛մ. մի քմծիծաղիք: Որոշ է, որ չէք գիտեր բեհեզին կարեւորութիւնն ու իմաստը: Եկէք, ինչ կ՛ուզէք ըրէք, բայց բառարանին մի դիմէք, հասկնալաու համար : Հոն, պարզապէս պիտի գտնէք « ազնիւ եւ նուրբ կերպաս» բացատրականը միայն: Սա միեւնոյնն է՝ երբ ոսկիին համար ըսուի ՝ «ազնիւ եւ նուրբ մետաղ»: Իսկ երզնկացիին համար, ամէն բանէ առաջ բեհեզը ապրում է, գոյներու կախարդանք ու գեղեզկութեան մատչում, երգ ու պար է, կեանքի վայելք եւ նաեւ՝ երազանք: Նոյնիսկ՝ ապրելակերպ ու աշխարհահայեացք: Այս բոլորին իրազեկ դառնալու համար, պէտք է երզնկացիի աւանդասիրութիւնը ունենալ: Ես այդ աւանդութեան մա՛րդն եմ: Թէեւ բեհեզագործ չեմ, բայց կերպասի վաճառական եմ: Եղծանուած ու շրջուած այս աշխարհին մէջ, ուզես կամ ոչ՝ բեհեզը պիտի փոխարինէս կերպասով: Հիմա, նոյնիսկ «կերպասի վաճառական»ը ձեր գիտցածը չէ. վաճառական եմ առանց վաճառատունի: Պէյրութ քաղաքի կերպասավաճառներու շուկային մէջ ունեցած վաճառատունս մոխրացած է: Մեր ներքաղաքացիական պատերազմը քանդեց նաեւ մեր ամբողջ շուկան: Բարեբախտաբար, ես նախապէս կանխագուշակելով, բոլոր ապրանքներս փոխադրեր էի տունս: Հինգ ընդարձակ սենեակներով եւ երկու սրահներով յարկաբաժին մը ունիմ հայկական թաղերուն մէջ: Ինչ ալ ըլլայ, տունը սակայն չի կրնար փոխարինել վաճառատունը: Եռուզեռ չկայ. օրը քանի մը յաճախորդ միայն կ՛ունենամ, մեծաքանակի գծով: Բայց դժգոհ չեմ, Շահածս ինծի լի ու լի կը բաւէ: Թէեւ տարիքս արդէն քառասունի հասած է, սակայն ամուրի, առանձին մարդ եմ, ինքնամփոփ կեանքով ապրող: Աւելորդ դրամի պէտք չունիմ: - «Ամուսնացի՛ր, շարունակէ այդքան գոված տոհմիդ շառաւիղը», պիտի ըսէք անշուշտ: Իրաւունք ունիք. իմ ալ նպատակս այդ էր: Բայց պատերազմը խառնեց հաշիւներս: Անապահովութիւնն ու անորոշ ապագան կը վախցնեն զիս: Ուրեմն դրամ կամ ժամանակի հարց չէ բնաւ: Դրամ ունիմ, ժամանակ ալ: Այնպէս, որ երկուքն ալ ինչպէս վատնելս չեմ գիտեր: Սկսեր եմ հին դրամներ, արժէքաւոր գիրքեր եւ հնագիտական իրեր հաւաքել եւ դասաւորել: Տարին քանի մը ամիս ալ կը ճամբորդեմ, ճոխացնելու համար հաւաքածոներս: Ձանձրոյթի դէմ սկսուած այս զբաղումը սակայն, ինծի սիրցուց այս գործը, նաեւ դառնալով հասոյթի նոր աղբիւր: Դարձեալ հեռացանք մեր նիւթէն: Ու վախնամ, մինչ այդ, պզտիկ հաշիւ մը ըրիք եւ յանգեցաք սխալ եզրակացութեան: Տարիքիս ճշդումին համար հասաք մինչեւ 1945 թուականը: Չեմ ուրանար. ծննդեան թուականս է այդ, եւ Պէյրութն ալ ծննդավայրս: Այն ատեն, ա՛լ ի՞նչ երզնկացի, պիտի եզրակացնէք: Ըստ թուաբանութեան, իրաւունք ունիք: Բայց դուք կը մոռնաք հոգեկան, զգացական տարրը: Հապա ժառանգականութի՞ւնը: Ես անոր ջերմերանդ հաւատացողն եմ: Իմ բազկերակս է ան, անլռելի կանչը արիւնիս: Այսպէս, ես՝ Երուանդ Վիրապեանս, համոզուած եմ, թէ ես միայն ինքզինքս չէ որ կը ներկայացնեմ: Իմ մէջ կը շարունակեն ապրիլ հայրս ու մայրս, ինձմով կը գոյատեւեն պապերուս երկար շառաւիղները: Միսերս անոնց հիւսկէնէն են, արիւնս՝ անոնց աւիշէն: Տակաւին՝ ինչքա՜ն տարրեր ու մասունքներ կան անոնց մէջ Երզնկայի հողէն, օդէն ու ջուրէն: Ճիշդ է, չեմ տեսած Երզնկան, բայց ծնած օրէս, ան տեւապէս ներկայ եղած է շուրջս: Անոր փողոցներն ու թաղերը, շուկան ու խայտաբղէտ բնակիչները պատմուեր են տարիներով հօրս եւ մօրս կողմէ: Պակաս մնացածը ամբողջացուցեր են գիրքերը: Արդար հպարտութեամբ կրնամ ըսել, թէ հայ Երզնկան ինծի չափ ճանչցող քիչ կը գտնէք: Ափերուս պէս կը ճանչնամ զայն: Օրինակ, երբ հոգիս կը սկսի տառապիլ պատերազմի հոգեմաշ արհաւիրքէն, ես պարզապես կը փակեմ աչքերս ու ներքին տեսողութեամբ կ՛երթամ դէպի մեր Երզնկան: Կը շրջիմ անոր խաղաղ փողոցներուն մէջ, զրոյցի կը նստիմ պարզ ու խոնարհ անցորդներուն հետ: Իսկ եթէ ուզեմ երազել, կ՛երթամ անոր դաշտերն ու արօտները, կը պառկիմ խոտերուն մէջ, հոտ կը քաշեմ եւ ականջ կու տամ աղբիւրներու կարկաչին: Ապա, կէս գինով ու վերացած, երգելով, կ՛անցնիմ մեծ կամուրջէն: Լա՛ւ կ՛ըլլայ որ դուք ալ ընկերանաք ինծի: Սկսինք մեր եկեղեցիներէն: Հինգ հատ են անոնք, մէկը միւսէն գեղակերտ: Սակայն, Սուրբ Նշանն է նախընտրելիս, ամենահի՛նը: Կ՛ըսեն Գրիգոր Լուսաւորիչի ձեռակերտն է: Պատերը հազար նախճիր ու թալան տեսած: Նախընտրութեանս պատճառը միայն Լուսաւորիչը չէ, այլ, տաճարի բակի հսկայ ընկուզենիին հովանիին տակ գտնուող այն դամբարանը, ուր տասը դարերէ ի վեր կը ննջէ մեծ բանաստեղծ Պլուզ վարդապետը՝ Յովհաննէս Երզնկացին: Մեծ մարդ եղած է ան, հանճարեղ, իմաստուն եւ մանաւանդ քաջ: Երեւակայեցէ՛ք, տասերորդ դարու խաւար եւ խստակրօն օրերուն իսկ, ան յանդգներ է, հոգիի փրկութեան պարտադիր ու համատարած գովերգութեան հակադրել, մարմնականին առաջնահերթութիւնը, հանդերձեալ կեանքի սաղմոսերգութեան դէմ ալ պանծացնել ասդենականին արժանիքները: «Հոգիս թէ ի վեր քարշէ, Հողս ծանր, ի վայր կու հակի, Վախեմ, թէ հողւոյս լսեմ. Նա, հոգւոյս բանն դժուար է:» Քանի հասանք բանաստեղծութեան ոլորտներուն, կարելի չէ չնշել ուրիշ մէկ նշանաւոր երզնկացիի անունն ալ՝ դարձեալ վարդապետ եւ բանաստեղծ եւ մասամբ մըն ալ գիտնական: Կոստանդին Երզնկացին է ան: Ապրեր է նախորդէն դար մը ետք եւ նոր որակի է հասցուցեր ազատ մտածողութիւնն ու բանաստեղծական ճաշակը. «... Ով որ սէր չունենայ՝ Առ ինք չկա՛յ գեղեցկութիւն: ...Սէր է՛ ծառն ու սէր ծաղկին, Սէր է՛ վարդն ու սէր՝ բլբուլն...» Վստահ եմ, ինծի պէս դուք ալ սիրեցիք այս տողերը, չմոռնալով, որ նոյն այդ կրօնաբոյր ու խստակեաց օրերուն, այդպիսի յանդգնութեան համար, կրնային կրօնաւոր մը կարգազուրկ հռչակել կամ խարոյկի վրայ բարձրացնել: Հիմա, պահ մըն ալ քաղաքէն դուրս ելլենք եւ բարձրանանք Սեպուհ լեռը, ուր մեր վանքերն են: Ամենակարեւորը Սուրբ Մինասի վանքն է, հո՛ն, ուր մեր Մխիթար գրիչը ծաղկեր է Երզնկայի նշանաւոր Աստուածաշունչը: Ուղղակի հրաշալիք մըն է: Տարիներ առաջ, յատուկէն գացեր եմ Երուսաղէմի մեր վանքը, հիանալու համար մանրանկարչուած այդ գոհարով: Գիտեմ, յոգնեցաք. գիր ու բանի բեռը ծանր է: Բայց ես տակաւին կրնամ ձեզ տանիլ մինչեւ քաղաք տանող խճուղին եւ հոն ցոյց տալ մեր հուժկու բերդը: Հեռու չէ. հո՛ն, ճամբեզրին, սէգ ու հպարտ կեցեր է ան, անաղարտ մնացած իր չորս աշտարակներով: Մերինները կառուցեր են Գոնիայի վերջին սուլթանին պատուէրով: Ատոր համար խորթ կը թուի ինծի: Պոռոտ ու բիրտ՝ օսմանցի կը հոտի: Փոխարէնը, որքա՜ն պիտի ուզէի ցոյց տալ, մեր այն հին, սրբութիւն սրբոց հնութիւնները, որոնց սակայն հետքն իսկ չեն թողուցած մե՛ր իսկ պապերը: Լա՜ւ կ՛ըլլար, եթէ յիշողութեան այս երեսը չբանայինք: Բայց երբ բացինք, ըսած ըլլանք անցողակի. քրիստոնէական այն մոլուցքը, որուն փարեցանք ազգովին, մեհեան ու տաճար չթողուց, քանդե՛ց, կոթող ու արձան, գիր ու արձանագրութիւն չձգեց, արմատախիլ ըրաւ, փոշիացուց ամէն նմոյշ որ հեթանոսական մեր փառապանծ անցեալէն կու գար: Մեղկացուցին այն ինչ որ հզօր էր, առնական ու շքեղ: Սխալ մեկնեցին քրիստոնէական բարութեան եւ գութի քարոզչութիւնը: Սխալ մի՛ հասկնաք զիս. ես հաւատուրաց մը չեմ. պարզապէս կ՛ողբամ մեր հոգեկան, իմացական գանձերուն կորուստը: Բնաւ հարց տուե՞ր էք, թէ ինչո՛ւ յանկարծ որբ մնացինք, անտէր ու անպաշպան: Որովհետեւ, մտածելով միայն հոգիին անդենական փրկութեան մասին, անտեսեցինք մարմնականն ու աստենականը: Վանքերէն ներս քաշուելով, ապաշխարեցինք, ճգնեցանք ու կուրծք ծեծեցինք, մեր չգործած մեղքերուն համար: Մանաւանդ ուրացանք մեր դարաւոր հաւատքն ու աստուածները սեփական: Վատաբար թոյլ տուինք, որ յելուզակուին անոնք եւ անպատուուին: մենք դաւաճանեցինք անոնց եւ բնա՛ւ, երբե՛ք չմտածեցինք գոնէ անգամ մը, ծունկի գալ եւ ներում խնդրել մեր ուրացումին համար: Ամենեւին ՛՛մեղայ՛՛ չըսինք մեր մայր ու տիրուհի Անահիտին: Ու բնականաբար անիծուեցանք ու որբացանք. դարձանք Տէր Զօր եւ սփիւռք:


 


- Բ -


Անահիտը իմ ճակատագիրս է: Հաստատ գիտեմ, կը հաւատամ, թէ կեանքիս անցեալ, ներկայ եւ ապագայ ուղին նախագծուած ու յարդարուած է Անահիտ Աստուածուհիիս կողմէ: Ես անոր ընտրեալն եմ, կեանքի կոչուած մասնայատուկ առաքելութեամբ: Ո՛չ մէկ այլ ոյժ, ո՛չ ոք կրնայ մազաչափ իսկ փոխել այս տնօրինումէն: Գիտե՛մ, ձեր քմծիծաղը անսպասելի չէ: Բայց փոյթս չէ, թէ ի՞նչ կը մտածէք իմ մասիս: Կարեւորը այն է՝ թէ ե՛ս ինչ կը մտածեմ: Իսկ ես կը հաւատամ ու կը դաւանիմ , թէ լրիւ հաւասարակշռուած անձ մըն եմ եւ կը գտնուիմ ճիշդ ուղիի վրայ: Անխափան պիտի հետեւիմ նախասահմանուած ճակատագրիս հրամայականին: Եւ այս՝ երեւակայութեան ծնունդ չէ: Փաստացի խօսք է ասիկա. Առաջին փաստ՝ մօրս անունն ալ Անահիտ է, եւ՝ երզնկացի: Երկրորդ՝ ծննդեան թուականս Օգոստոս 15-ն է, հայոց տոմարին Նաւասարդի մէկը, որ նուիրուած էր Անահիտ Աստուածուհիին փառաբանութեան: Երրորդ՝ իմ չունեցած գծագրական շնորհներով Անահիտ Աստուածուհիին դիմանկարը կարենալ գծելս է: Կարժէ մանրամասնել այս միջադէպը:- Դպրոցական վերամուտին երբ ունեցայ Հայոց Պատմութեան նոր դասագիրքս, անհամբեր՝ դասերէն առաջ իսկ, քանի մը օրէն, ծայրէ ի ծայր կարդացի գիրքը: Այնպէս որ, երբ դասարանով հասանք վաթսուն չորրորդ էջին, ուր կար Անահիտին կիսանդրին, չկրցայ զսպել հպարտութեան պոռթկումս եւ, - Պարո՛ն,- գոռացի, մատս վեր տնկած,- Անահիտը մեր երկրացին է: Պատմութեան մեր ուսուցիչը չափազանց լուրջ եւ խիստ մարդ էր, հնաբոյր՝ իր Մամբրէ անունին պէս: Միշտ՝ անժպիտ ու պաշտօնական: Բայց այդ օր, ականատես եղանք իր խնդուքին: Ակնոցներուն ետեւէն զուարճութեան ճառագայթումներ ունեցան աչքերը: - Այ տղա՛, ուրկի՞ց բերիր այդ պարտապանաց երկրացիդ,- հարցուց ան ծաղրական շեշտով: - Ճիշդ եմ , Պարո՛ն,- պնդեցի ես,- Անահիտը մեր երկրացին է, երզնկացի՛, եւ՝ հայրենակի՛ց: Պարոն Մամբրէին աչքերը նոր փայլով ճառագայթեցին: - Եւ նաեւ հայրենակի՞ց... ո՞վ, Անահիտ տուտո՞ւն թէ Անահիտ քոյրի՞կը... - Մի՛ ծաղրէք Պարոն, Անահիտը աստուած է, սուրբ է,- բողոքեցի ես: Ծաղրը նահանջեց, վերածուեցաւ բարի ժպիտի: Նոյնիսկ ան հաճեցաւ գլուխս շոյելու: Ապրի՛ս Վիրապեան, այդպէ՛ս, միշտ պաշտպանել գիտցիր, այն ինչ որ քուկդ կը կարծես,- եզրակացուց ան: Ամբողջ պահը յատկացուեցաւ Անահիտին: Հմուտ մարդ էր Պ.Մամբրէն: Այդ օր, ան պատմեց շատ մը մանրամասնութիւններ, որոնք գիրքին մէջ չկային: Խօսեցաւ Անահիտի տաճարին, ծիսակատարութիւններուն եւ նաւասարդեան խաղերու մասին: Ես կլանուած, մտիկ ըրի յափշտակութեամբ: Կարծէք նոր աշխարհ մը բացուեցաւ աչքերուս առջեւ: Անահիտը դարձաւ մտասեւեռում ու յաճախանք: Յաճախ կը բանայի Պատմութեան գիրքիս Անահիտին էջը եւ ժամերով կը դիտէի կիսանդրիին նկարը: Օր մ՛ալ անդրադարձայ որ ան կը նմանէր մօրս, զոր կորսնցուցեր էի երկու տարի առաջ: Նոյն կլոր ճակատը, Նոյն նրբակերտ քիթն ու շրթները: Մօրս մազերն ալ գանգուր էին, ճակտի կէսին, երկու հաւասար մասերու բաժնուած: Լրիւ պիտի հասկնաք խռովքս, երբ ըսեմ թէ մայրս վերագտած ըլլալու խաբկանքը մեծ երանութեամբ կ՛ընդունէի: Որուն սակայն կը յաջորդէր կրկին զինք կորսնցնելու վախը: Զինք քովս պահելու բնազդական մղումով, որոշեցի Անահիտին նկարը մեծցնել եւ կախել մեր հիւրասենեակի պատէն: Հրաշքը հոս է որ պատահեցաւ: Անշնորհք գծող մըն էի եւ կ՛ատէի գծագրութեան պահերս: Հասարակ ուղիղ գիծ մ՛իսկ քաշելու ատակ չէի: Բայց զգայազիրկ վիճակի մէջ էի: Չեմ գիտեր ինչպիսի քաջութեամբ վերցուցի ստուարաթուղթ, մատիտ ու գծաքաշ եւ անցայ գործի: Ինքնամոռաց վիճակով տքնեցայ մօտ շաբաթ մը ու երբ սթափեցայ, սեղանիս վրայ գտայ Անահիտին հարազատ կրկնօրինակը: Եւ զարմանալիօրէն, յաջող նմանութեամբ: Յաւակնիլ թէ իմ ձեռագործս էր, իմ շնորհքս՝ ծիծաղելի պիտի ըլլար: Յստակ էր որ Անահիտ ինք ներշնչած եւ առաջնորդած էր զիս: Անմիջապէս շրջանակի անցուցի եւ կախեցի մեր հիւրասենեակի կեդրոնական պատէն: Իրիկունը հայրս եկաւ եւ անմիջապէս նշմարեց նկարը: Լուռ, երկար դիտեց: Երբ ինծի դարձաւ՝ աչքերը թաց էին: - Մայրդ այս նկարէն չուներ, ուրկի՞ց գտար:              - Մորս նկարը չէ, Անահիտ Աստուածուհին է: Խոր զարմանքով ան պռստեց յօնքերը, կրկին զննեց նկարը եւ տարակոսած շարժեց գլուխը: -Չէի գիտեր որ աստուածները նկար կ՛ունենան: Ցոյց տուի Հայոց Պատմութեան էջը. - Պրոնզէ կիսանդրին է, հիմա Լոնտոնի թանգարանին մէջ կը գտնուի: Հայոց Աստուածը ի՜նչ գործ ունի Լոնտոնի թանգարանը: Հարցումը բեւեռի պէս խրեցաւ խղճիս:


 


- Գ -


Տարիներ յետոյ կրցայ յաջողցնել Լոնտոն մեկնումս: Երբ աւարտեցի Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի առեւտրական մասնաճիւղը, վաճառատուն մտնելէ առաջ, համոզեցի հայրս, որպէսզի մէկ տարիով ուսումս ամբողջացնեմ Լոնտոնի մէջ, խոստանալով այնտեղի կեցութեանս ընթացքին, կերպասի անգլիական մեծ շուկային հետ կապեր հաստատել՝ մեր հաստատութեան բարգաւաճման հեռանկարով: Հայրս գործնական եւ հաշուագէտ մարդ էր. ընդունեց առաջարկս: Գուշակեցիք անշուշտ, թէ այս որոշումիս մէջ, Անահիտը մեծ բաժին ունեցաւ: Ապացոյց որ, ժամանումիս յաջորդ օրն իսկ, գացի նշանաւոր Բրիտանական Թանգարան՝ Անահիտիս տեսութեան: Սիրոյ առաջին ժամադրութեան վազող պատանիի մը պէս էի՝ յուզումնախռով եւ շուարած. չէի գիտեր ուրկի՞ց սկսիլ: Մտայ պատահական առաջին սրահը, յետոյ ուրիշ մը, դարձեալ ուրիշ մը եւ այսպէս, սրահէ սրահ՝ զսպանակուած անհամբերութեամբ եւ չկարենալ գտնելու վախով: Եգիպտական, ասորա-բաբելական, հիթիթական ու պարսկական կոթողներուն եւ արձաններուն քովէն անցայ վազելով, գրեթէ առանց բան մը տեսնելու: Գտայ նոյնիսկ Ուրարտուի անկիւնն ալ, բայց Անահիտը հոն ալ չկար: Հարցուցի բարեկիրթ պաշօնեաններուն: Այդ անունով արձան չէին գիտեր: Յոգնած ու սպառած, փլայ նստարանի մը վրան՝ ափերով աչքերս փակած: Յուսահատած՝ կը մտածէի հետաձգել այդ օրուայ արշաւս եւ յետագային վերադառնալ, աւելի կազմակերպուած եւ տեղեկացուած: Քիչ մը հանգստանալէ ետք, մեկնումի վճիռով ելայ ոտքի եւ... եւ երբ նայուածքով փնտռեցի ելքի ուղղութիւնը, այնտեղ տեսայ Անահի՛տը: Հո՛ն, դիմա՛ցս էր: Ինչպէս վազելս չեմ գիտեր: Չէի սխալած. Անահիտն էր, ճիշդ ու ճիշդ մեր պատմութեան գիրքի Անահիտը: Բայց այնքա՜ն փոքր, այնքա՜ն տրտում՝ իր անմխիթար նայուածքով: Ու մանաւանդ, բանտուած՝ ապակեայ վանդակի մը տակ, փոքր պանուանդանի մը վրան: Տակն ալ, Աստուա՜ծ իմ, արգահատելի, զզուելի գրութիւն մը. « Յունական անծանօթ չաստուածուհիի մը կիսանդրին՝ Աֆրոտիթէի կերպարով՝ գտնուած Շատախի մոտ, Արեւելեան Թուրքիա: Մեր թուականութենէն առաջ՝ Երկրորդ դար:» Գառագեղին մէջ թակարդուած գազանի մը պէս էի: Կատաղութիւնս պրկած ատամներուս տակ, անզօր ու ջղաձիգ՝ կը դառնայի Անահիտին շուրջ, «մեղայ»ներու շարան մը մրրկելով: Անարգանքին չդիմացայ, փախայ դուրս: Նոր օրերու այս աւազակներու նախատինքին դէմ մեծցաւ ատելութիւնս եւ թունաւորեց լոնտոնեան կեանքս ու կայքս:


 


- Դ -


Լոնտոն գացեր էի մէկ տարուայ ծրագիրով: Բայց մնացի հինգ ամիսներ միայն. Հասաւ հեռագիրը եւ գուժեց հօրս մահը: Անակնկալ մըն էր այդ գոյժը: Պատրաստ չէի տակաւին ստանձնելու հօրս վաճառատունը: Ստիպուած մոռցայ բոլոր ծրագիրներս եւ նետուեցայ շուկայ: Սկիզբը խորհեցայ թէ մէկ տարին բաւարար պիտի ըլլար յաղթահարելու համար բոլոր դժուարութիւնները: Սակայն հարկ եղաւ սպասել երեքէն չորս տարի, որպէսզի լրիւ ընտելանամ շուկայ ըսուած խառնարանին: Բայց հազիւ սկսեր էի ինքնավստահութիւն ձեռք բերել, երբ սկսաւ լիբանանեան ներքաղաքացիական անվերջանալի սա պատերազմը, որ ստեղծած իր ահ ու սարսափով եւ խառնաշփոթութեամբ, սառեցուց ամէն ծրագրում եւ նախաձեռնութիւն: Երկար ժամանակ, կեանքը լոկ գոյատեւման անհեռանկար քաշքշուք եղաւ միայն: Այս անապահովութեան մէջ իսկ, ես չմոռցայ, չկրցայ մտածումներէս դուրս վանել Անահիտը: Անմիջական նախաձեռնութիւն չկրցայ իրականացնել, բայց տեւական մտմտուք մը դարձաւ ու մնաց: Մենակեաց կեանքիս մէջ, միակ իսկական զրուցակիցս մնաց ան: Ամէն երեկոյ, հաշուետուութիւն կու տայի անոր: Տեւական զրոյց էր մեր միջեւ: Հիւրասենեակի մեր պատէն, ան իր մայրական գորովալից նայուածքով կը քաջալերէր զիս: Այդ դժնդակ օրերուն, միակ նեցուկս էր ան: Պատերազմը իմ ալ ջիղերս քայքայեց: Բայց, շնորհիւ Անահիտին, ես փլուզումի չհասայ: Տաղտկալի օրերս լեցուցի, զինք լոնտոնեան գերութենէն փրկելու մտասեւեռումով: Յաճախանք էր, բայց ո՛չ ցնդաբանութիւն կամ զառանցանք: Ապացոյց որ, հետզհետէ, սկսեր էի մանրամասնութիւններով հանդերձաւորել սաղմնաւորուող ծրագիրներս: Օրերով, արդէն մանրազննին կը քննէի կարելիութեան բոլոր տարբերակները: Ու բնականաբար սկսայ լրջօրէն հետաքրքրուիլ ոստիկանական արկածախնդրական վէպերով եւ մանաւանդ ֆիլմերով: Կը նախընտրէի դրամատուներու գանձարկղներու բացման շահատակութիւնները: Այդ օրերուն էր որ ուշադրութիւնս գրաւեց Օտրի Հէփպըրնի մէկ տեսաժապաւէնը, ուր մանրամասնութեամբ կը նկարագրուէր, թէ ինչպիսի վարպետութեամբ կարելի կ՛ըլլար, լուրջ պաշտպանութեան տակ առնուած թանկարժէք արձանիկ մը, գիշերով գողնալ Լուվրի Թանգարանէն: Այդ վիտէօ-ժապաւէնը, կարելի է յիսուն անգամ դիտեցի տանս գործիքին վրայ եւ գոց սորվեցայ ցուցադրուած բոլոր փուլերն ու ճարտարութիւնները: Անշուշտ կռահեցիք, թէ «բանը ինչումն էր»:- Մի՛շտ Անահիտին ազատագրումը: Այս մարզէն ներս, շուտով համոզում գոյացուցի, թէ հիմնահարցս բանալին էր: Ծրագրիս բոլոր տարբերակները կը յանգէին բանալիի անհրաժեշտութեան: Առաջ, եթէ ըսէին թէ փականագործութիւնը նաեւ արուեստ է, անպայման կը ծիծաղէի պնդողին վրայ: Հիմա կ՛արգահատիմ տգիտութեանս համար եւ կը հասկնամ վիճակը Լութովիկոս ԺԶ. ֆրանսացի արքային, որ փականագործութեան սիրոյն, վրայ տուաւ ոչ միայն կինն ու գահը, այլ նաեւ՝ իր սեփական գլուխը: Արդ, նոյն վիճակին մէջ ես եմ: Ամբողջութեամբ կլանուած եմ փականագործութեամբ: Բայց, բարեբախտաբար, կորսնցնելիք ոչ կին ունիմ եւ ոչ ալ գահ: Իսկ ունեցած չոր գլուխս, պատերազմական այս իրադրութեամբ, արդէն վտանգի ենթակայ է ամէն վայրկեան: Սկիզբները խաղի պէս սկսայ. կ՛ուզէի պարզապէս գաղափար մը ունենալ դուռերու, կղպանք-փականքներու եւ բանալիներու սարքաւորումներու մասին, քանի բանալին միայն պիտի լուծէր իմ հարցս: Նախ սկսայ գիրքերով. հաւաքեցի կղպանք-բանալիի մասին գրուած ինչ որ ձեռքս անցաւ: Նոյնիսկ՝ էլէքթրոնիքի տեսակէտէն: Օրերով ուսումնասիրեցի այլազան թեքնիքներ: Բայց անոնք տեսականէն անդին չանցան: Նպատակս բանալիներուն բանալիին հասնիլն էր: Այսինքն՝ փասփարթուին կամ համայնաբացին, հին բառով՝ ագռաւուկին: Ֆրանսերէն կամ հայերէն անուանուած ագռաւուկը, կը մնար անլուծելի՝ գիրքերու օգնութեամբ: Հմուտ արհեստաւորի մը կարիքը կը դառնար միակ ելակէտը: Այն ատեն է որ յիշեցի Յովսէփը: Պատերազմէն առաջ, ան Մաարաթ փողոցին վրայ փականագործի կրպակ մը ունէր: Քովը գացեր էի հարկադրանքի տակ. կորսնցուցեր էի բանալիներուս ամբողջ տրցակը, եւ ոչ ինքնաշարժիս, ոչ խանութիս եւ ոչ ալ տանս դռները կրնայի բանալ կամ գոցել: Քչախօս մարդ էր. պեխին տակ ծաղրական թեթեւ ժպիտ մը տեղաւորած, ան առանց այլեւայլի, եկաւ եւ ձեռքի նոյն գործիքով բացաւ ինքնաշարժս ապա խանութս եւ ետքէն ալ տունս: Յետոյ փոխեց բոլոր կղպանքները՝ նոր բանալիներու տրցակ մը տուաւ ձեռքս ու հարիւրնոց մը գրպանելով մեկնեցաւ: Հիմա իմ ուզածը Յովսեփին այդ հրաշագործ համայնաբացն էր: Բայց ո՞ւր գտնել Յովսէփը: Մաարաթ փողոցը աւերակոյտ մըն էր հիմա: Ուրեմն նաեւ՝ Յովսէփին կրպակը: Միակ կարելիութիւնը հարցուփորձով փնտռելն էր: Բաւական դժուար եղաւ: Նոյնիսկ մականունը չէի գիտեր: Ծրագրուած ձեւով ՛՛մաղեցի Պուրճ Համուտի հայկական թաղերը, հարցաքննելով խանութպանները եւ հետքը գտայ վերջապէս: Անյուսալի վիճակի մէջ էր. կրպակին հետ կորսնցուցեր էր գործիքներն ու բոլոր կազմածները: Անգործ եւ շոարած էր: Նոյնիսկ կը մտածէր գաղթելու մասին: Անապահովութիւնը պատրուակելով, խնդրեցի իրմէն գալ եւ ամրացնել տանս փականքներն ու կղպանքները: Սիրով ընդառաջեց խնդրանքիս: Կէս օրէն փոխեց, ամրապնդեց ամէն ինչ: Երբ առատաձեռնօրէն վարձատրեցի զինք, ան չպահեց իր զարմանքը:            - Պարո՛ն Երուանդ, փափաքդ չմերժեցի,- ըսաւ ան,- բայց կղպանքներդ բոլոր կարգին էին եւ ապահով: Չեմ գիտեր, ինչո՞ւ  ուզեցիք փոխել: Արդե0օք գողութեան փո՞րձ մը եղաւ, թէ ոչ սպառնալիք մը ստացաք:            - Առ այժմ ոչ մէկը,- հանդարտեցոցի զինք,- Պարզապէս կ՛ուզեմ ապահով զգալ: Տունս նաեւ որպէս վաճառատուն  կը գործածեմ: Ապրանքներով լեցուն է. կ՛ուզեմ ապահով զգալ: - Ինչպէս որ կ՛ուզէք: Ինչ ծառայութիւն որ ուզէք, ես պատրաստ եմ միշտ: - Հա՛, լաւ յիշեցի. երբ բանալիներու տրցակս կորսնցուցեր էի, դիմեցի քեզի եւ դուն մէկ հատ գործիք բանալիով, հաւասարապէս բացիր ինքնաշարժիս, խանութիս եւ տանս դուռները: Ինծի կրնա՞ս հատ մը այդ բանալիէն շինել: Լա՜ւ կ՛ըլլայ որ ատկից ունենամ հատ մը: Երբ պատահի որ հեռանաս այս երկրէն , ալ ո՞ւր գտնեմ ես Յովսէփ մը: Որքան որ ուզես, պատրաստ եմ վճարելու: Գումարի մասին չմտածես: Յովսէփ շուարումի կարճ պահ մը ունեցաւ: Արագ նայուածքով մը շուրջը նայեցաւ բնազդաբար: Զգացնելով ինծի թէ խորհրդապահական առաջարկ մըն էր ներկայացուցածս: - Որքան որ հասկցայ փասփարթու մըն է ձեր ուզածը: Օրէնքով արգիլուած է անհատներուն համար շինել ատկից: Մեր արհեստին եւ ոստիկանութեա՛ն համար միայն արտօնուած ենք շինելու: Եթէ իսկապէս կ՛ուզէք ատկից, չեմ կրնար մերժել ձեզի, բայց մէկ պայմանով. ուրիշ ոչ ոքի ցոյց պիտի տաք կամ փոխ տաք: Գիտէք վտանգաւոր գործիք է: Եթէ յայտնի ըլլայ, արտօնագիրս կը կորսնցնեմ եւ կը պատժուիմ բանտարկութեամբ: - Դուն ապահով եղիր, բացարձակապէս իմ անձնական գործածութեանս համար է, ան ալ՝ ստիպողական կացութիւններու ատեն: Իմ վրաս վստահութիւն ունիս չէ՞: Միտքս բնա՛ւ դրամատուները կողոպտել չէ: Ընդունեց եւ քանի մը օրէն բերաւ հրաշագործ բանալին:


 


- Ե -


Դարձեալ Լոնտոն եմ: Իջեւաներ եմ Բենթա պանդոկը, որ խայտաբղէտ բազմութեամբ եռուն՝ խառնարան շքեղութիւն մըն է, ուր կորսուիլն ու մանաւանդ աչքի չզարնուիլը առաւելութիւն մըն է ինծի համար: Յաջորդ առաւօտուն իսկ Թանգարանն եմ: ՛՛Ողջո՜յն՛՛ կ՛ըսեմ Անահիտիս: Կարծես, ան քէնոտած է եւ ինծի չի պատասխաներ: Իրաւունք ունի. բացակայութիւնս երկար տեւեց: Բայց քմայքի ժամանակ չէ: եկեր եմ լուրջ առաջադրանքով: Զինք փրկեմ պիտի գերեվարութենէն: Եւ այս անգամ արհեստավարժի աչքերով է որ կը կատարեմ վերջին ստուգումներս: Մանրազննին կը քննեմ սարքաւորումները եւ շրջապատը: Հաստատումներս հետաքրքրական դուրս եկան: Նախ, ապակի կարծած տոփը, ուր զետեղուած էր արձանը, կերպընկալ փլաստիք դուրս եկաւ: Յետոյ, ելեկտրական ահազանգի սարքաւորման ոչ մէկ հետք գտայ: Անհաւատալի էր. պէտք էր անպայման ստուգել: Ուստի, կը հանեմ վերարկուս, կը նետեմ ուսերուս, եւ կիսանդրիին շատ մօտէն անցնելով, որպէս թէ անուշադրութեամբ վերարկուս կը քսեմ կերպընկալէ պահպանակին: Ոչ մէկ ահազանգ: Ապա, որպէս թէ շտկելու համար պահպանակը, ձեռքերով կը բռնեմ տուփը: Դարձեալ՝ ո՛չ մէկ ահազանգ: Պա՛րզ է, Անահիտին կիսանդրին չեն դասած որպէս արժէքաւոր գանձ: Այս հիմնական ստուգումէն ետք, բազմիցս կ՛այցելեմ Թանգարան: Կ՛ուսումնասիրեմ սենեակներուն տեղադրութիւնն ու կապակցութիւնները, ելլող-իջնող սանդուխները, ճեմիշներն ու սրճարանը: Ուշադրութեան չենթարկուելու համար, ամէն օր կը փոխեմ հագուստ եւ գլխարկ եւ երբեմն ալ արուեստական պեխ կ՛աւելցնեմ ծպտումիս, եւ կամ ալ՝ ակնոց Իրիկունները, պանդոկի սենեակիս առանձնութեան մէջ, զանազան ծրագրի փոփոխակներ կ՛որոճամ: Կը փորձեմ եզրափակիչ ծրագրի մը յանգիլ: Բայց չեմ յաջողիր: Երեւակայութեան պակասէ չէ որ կը տառապիմ: Ընդհակառակը, փեթակ դարձած գլխուս մէջ, գաղափարներն ու կարելիութիւնները զիրար կը հրմշտկեն: Բայց չեն մարմնաւորուիր կատարեալ դրոյթի մը մէջ: Միշտ օղակ մը պակաս կը մնայ: Պակսող այդ օղակը, յաճախանք կը դառնայ: Հոգեմաշ մտմտուք: Օրերը անարդինք կը սահին, կ՛անցնին: Յուսահատութիւնը կը ջլատէ ուժերս: Արդէն ջղային կը դառնամ վտանգաւոր ձեւով: Անխոհեմ քայլ մը՝ եւ ամէն ինչ կրնայ տապալիլ: Այս հոգիվիճակով, կէսօր մը, կը նստիմ թանգարանի քաֆեթերիան, գաւաթ մը զովացուցիչ առած: Ու երբ գաւաթը կը տանիմ շրթներուս, մէկէն կանգ կ՛առնեմ եւ ոտքի կ՛ելլեմ: Չեմ հաւատար աչքերուս: Գաւաթս սեղանին լքած, գրեթէ կը խուժեմ դէպի յուշանուէրներու տաղաւարը: Հրա՞շք է, թէ պատրանք, յոգնութեան արդի՞ւնք: Ցուցափեղկին մէջ ինքն է, Անահի՛տը: Նոյն չափերով, նոյն պրոնզագոյնով, տրտում ու խոհուն նոյն աչքերով: Ու պիտակ մը առջեւը՝ յիսուն սթերլին: Արդէն գտած եմ պակսող օղակը:


- Զ -


Մեծ օրն է: Շաբաթ՝ ամէնէն ապահով օրը: Պահակները թիւով քիչ կ՛ըլլան, իսկ եղածն ալ, յոգնած կամ փափկացած՝ շաբաթավերջի զգացողութեամբ: Գործի անցնելու ամենայարմար օրն է: Կազմ ու պատրաստ, երեկոյեան Թանգարանին փակուելէն ժամ մը առաջ ներս կը մտնեմ: Թէեւ ծրագիրս լրիւ պատրաստ է եւ սերտուած, սակայն ներսս աննախատեսուած պատահարի մը վախը կայ միշտ: Առանց ժամանակ կորսնցնելու, ուղղակի կ՛անցնիմ ասորա-բաբելական սրահը, որ հեռու չէ Անահիտի ցուցասրահէն եւ որուն ծայրամասէն քանի մը սանդխամատեր կ՛առաջնորդեն զիս դէպի սիրօ-արամէական փոքր բաժանմունքը: Մէջ մէջի, անլուսամուտ քանի մը սենեակներ են՝ խոնաւ եւ գրեթէ մութ: Մգլոտութեան հոտ մը կը վանէ այցելուները, եւ պահակներն ալ, նկատեր եմ արդէն, կը խուսափին այդ անկիւններէն: Իտէալ վայրն է պահուըտելու համար: Խորքի քարէ դամբարանը իմ փրկութիւնս է: Ծանրանիստ քարէ կափարիչը մէկ երրորդով կոտրած ըլլալով, բաւական լայն անցք մը կը թողու: Արագ կը հանեմ վերարկուս եւ ամայութենէն օգտուելով, արամէական արձաններուն ապշահար նայուածքներուն տակ, կը սողոսկիմ դամբարանէն ներս: Կը պառկիմ կռնակիս վրայ, գլուխս փակ մնացած ծածկին տակ տեղաւորած եւ ոտքերս ալ փորիս վրայ քաշած: Սառն է օդը: Վերարկուս վրաս կը քաշեմ: Տեղաւորման ընթացքին շարժման մէջ դրուած դարաւոր փոշին փռնգտալու ահաւոր փափաք մը կ՛արթնցնէ մէջս: Ռունքներս կը խտխտան. կը տրորեմ զանոնք ուժգին եւ բերնէս երկար շունչ կը քաշեմ: Փորձուած ձեւ է. կը հանդարտիմ: Ուշադիր մտիկ կ՛ընեմ. անմիջական շուրջս լռութիւնն է իշխողը: Հեռուէն սակայն, խուլ արձագանգի պէս կը հասնի յարակից սրահներուն հեւքը: Ֆոսֆորանիշ ժամացոյցս ժամը հինգ ու կէսը ցոյց կու տայ: Ու արդէն կռնակս կը սկսի կոտտալ: Բայց կը զսպեմ ինքզինքս: Վերջապէս փակման զանգերը կը հնչեն: Այս անկիւնէն իսկ կը զգամ Թանգարանին հետզհետէ պարպուիլը: Հատ ու կենտ ոտնաձայներ կը յամենան դեռ: Իսկ քիչ յետոյ, արդէն ամբողջական լռութիւն է: Քրտնած եմ, չափազանց անհանգիստ: Անդամներս կը մրջնոտին կարծէք: Ոտքերս երկարելու այնպիսի՜ փափաք մը ունիմ: Բայց կը զսպեմ : Կը սպասեմ: Դոյլերու, աւլող-մաքրող մեքենաներու աղմուկ մըն է կը փրթի, կը մօտենայ հետզհետէ: Ամենաճակատագրական պահն է: Գուցէ այս բաժանմունքը ամէն օր չմաքրեն, յոյս կու տամ ինքզինքիս: Բայց արդէն կը լսեմ ծանր քայլերու քսքռտոց մը՝ անմիջական մօտերս: Ապա՝ կանացի խռպոտ մրմռոց մը: Ու կը բանի աւլող մեքենան: Ահաւոր աղմուկէն սիրտս պիտի կենայ կարծէք: Աղմուկը պարբերաբար քանի մը անգամ կը մօտենայ ու կը հեռանայ: Մինչ այդ, ես օգտուելով պատեհ առիթէն, ամենայն ապահովութեամբ կ՛երկարեմ ոտքերս եւ կը հանգստանամ վերջապէս: Արդէն աղմուկն ալ կը մարի եւ մաքրող կինը կը մեկնի: Կատարեալ լռութիւն է դարձեալ: Կը փորձուիմ թաքստոցէս դուրս ելլել, երբ այս անգամ ալ կը լսուի համաչափ քայլերու մօտեցող դոփիւնը: Ժամը ճիշդ ութը հինգ կ՛անցնի: Պահակներուն հերթական շրջանցքն է: Ե՞րբ կրնայ ըլլալ յաջորդը: Մէկ թէ երկո՞ւ ժամէն: Պարտաւոր եմ սպասել՝ ստուգելու համար: Եւ իսկապէս, ճիշդ երկու ժամէն կրկին կ՛անցնի նոյն համաչափ դոփիւնը: Հոյակա՛պ՝ մինչեւ յաջորդը, երկու ժամեր ունիմ տրամադրութեանս տակ, յաջողցնելու համար ծրագիրս: Ոտքի եմ արդէն: Վերարկուիս գրպաններէն կը վերցնեմ «զինամթերք»ս՝ համայնաբացը, կեռերը, պտուտակ քակող ձողիկներըս, տուփ մը զօրաւոր խէժ եւ ձեռնալուսարձակ մը: Զգոյշ ստուգումէ ետք, կը սահիմ սենեակէն դուրս: Հագած եմ անաղմուկ թենիս կօշիկ մը, որով աղմուկի վտանգ չկայ: Ինքնավստահ ու պաղարիւն՝ կ՛անցնիմ քանի մը սենեակներ եւ կը հասնիմ Անահիտի կիսանդրիին առջեւ: Անյապաղ գործի կ՛անցնիմ: Նախ կը վերցնեմ ծուռ վիզով կեռը, կը մտցնեմ կեպընկալէ տուփին ետեւի անցքէն ներս եւ ոյժ տալով կը դարձնեմ: Ներքին մետաղեայ գօտիին պրկումը կը թուլնայ, տեղի կու տայ: Տուփը ա՛լ ազատ է: Թէեւ ստուգած եմ եւ հաստատած ահազանգային դրութեան չգոյութիւնը, սակայն դարձեալ մէջս վախ մը կը յամենայ. գաղտնի մնացած ելեկտրական սարք մը յանկարծ չի բանի: Կարճ պահ մը կը վարանիմ կափարիչին դպնալու: Պաղ քրտինք մը պատած է ճակատս: Ձեռքերս կը դողան: Այդ պահուն սակայն աչքերս կը հանդիպին Անահիտին ինքնավստահ ժպիտին: Ոյժ կ՛առնեմ անկից: Արագ կը վերցնեմ կափարիչը: Ո՛չ մէկ ծպտուն: Կ՛ուզեմ նաեւ վերցնել կիսանդրին ալ, բայց ան տեղէն չի շարժիր: Անմիջապէս կ՛անդրադառնամ որ տեղէ մը ագուցուած, ամրացած է: Տեսանելի հետք մը չկայ: Ուրեմն միակ անտեսանելի կողմը տակի մասն է է: Կը շօշափեմ: Արդարեւ վարէն պտուտակուած է: Ակնթարթի մը մէջ պտուտակադարձը կ՛ազատագրէ կապանքը եւ Անահիտը ազատ՝ ձեռքերուս մէջն է: Սկիհ բարձրացնող կրօնաւորի մը պէս կը բարձրացնեմ կիսանդրին եւ վերացած կը տանիմ շրթներուս՝ ի համբոյր սրբութեան: Գերբնական ոյժի հոսք մըն է որ կը ներհոսի երակներէս ներս: Անմիջապէս, կիսանդրին գրկած, պէտք է հասնիմ յուշանուէրներու տաղաւարին, որ Թանգարանի ներքնամասէն դուրս, ֆուայէին մէջ կը գտնուի: Վստահ եմ որ կարելի չէ գործածել կամ բանալ փորձել գլխաւոր մուտքի դուռը: Անպայման ան ապահովուած է ելեկտրական սարքաւորումով մը, որ կը հնազանդի ապահովական սենեակի մը հրահանքին միայն: Ըստայնմ, նախապատրաստուած եմ. Ասորա-բաբելական սրահներէն դէպի եգիպտական բաժանմունքը տանող նրբանցքի մը խորը, նկատած եւ ստուգած եմ գոյութիւնը փոքր դուռի մը, որուն ճակատին արձանագրուած է՝ «միայն պաշտօնէութեան համար վերապահուած » : Հոս է որ գործ պիտի բռնէ համայնաբացս: Ու՝ «շռա՛խկ... բացուի՛ր Սէզա՛մ... հրաշալի, համբուրելի գործիք է ագռաւուկս: Սպասման սրահի ճեմիշներն են: Անկից, սպասման սրահն է՝ լուսաւորուած: Իսկ կողմնակի՝ յուշանուէրներու տաղաւարն է: Բայց չար բախտ՝ հեռուն, պահակ մը նստած է, կռնակը ինծի դարձուցած: Չեմ կրնար որոշել՝ քնացա՞ծ է թէ արթուն: Հասած եմ կէտի մը, ուրկից նահանջել անկարելի է: Հազար զգուշութեամբ, կը մօտենամ տաղաւարի ապակեայ դռան: Գործի կը լծեմ համայնաբացը, բայց կը վախնամ բանալիի ծակին մէջ դարձնել գործիքը: Ինչքան ալ զգուշութիւն ի գործ դնեմ, աղմուկ անպայման պիտի ելլէ: Իսկ եթէ պահակը արթուն է՝ խայտառակութի՛ւն... կարելի չէ այդքան մեծ ռիսկ առնել: Մոռցեր եմ սակայն, որ Անահիտին տեւական նեցուկը ունիմ: Ճիշդ այդ պահուն, դուրսի պողոտայէն անցնող բեռնատար ինքնաշարժի մը հռնթոցը օգնութեան կը հասնի եւ ես կը դարձնեմ համայնաբացը: Ես իսկ չեմ լսեր շռխկոցը բացուող դռան: Տաղաւարին մէջն եմ արդէն: Անկից, շեղակի կ՛երեւայ պահակին կիսադէմքը. մարդը խոր քունի մէջ է. կարծէք կը խռմբացնէ ալ: Ա՛լ դիւրին է գործս. ցուցափեղկէն վար կ՛առնեմ Անահիտի կիսանդրիին կրկնօրինակը: Բաւական ծանր է, մաքուր պրոնզ: Քովիկը կը դնեմ հարազատը. ճիշդ ու ճիշդ նոյն չափի ու գոյնի են երկուքը: Խղճամիտ գործ: Ես ալ խղճամտօրէն կրկնօրինակին վրայէն կը հանեմ գինի եւ բացատրականի պիտակները, զանոնք կը տեղաւորեմ հարազատ օրինակին վրայ եւ զայն, հարազատ կիսաննդրին, կը զետեղեմ կրկնօրինակին տեղը՝ ցուցափեղկին մէջ: Վերադարձը դէպի ներքնասրահ կ՛ըլլայ հեզասահ: Քանի մը վայրկեանէն, կրկնօրինակը առօք-փառօք կը զետեղուի պարապ մնացած պատուանդանին վրայ ՝ կափարիչն ալ գլխուն անցուած: Ուրիշ ընելիք չի մնար ինծի, բացի դէպի դամբարան թաքստոցիս վերադարձէն: Կէս գիշերին կէս ժամ կայ տակաւին: Դարձեալ կը սպրդիմ դամբարանէն ներս եւ կը սպասեմ: Երկար ժամանակ ունիմ մինչեւ Թանգարանի դուռներուն բացուիլը:


- Է -


Կը սթափիմ թեթեւ աղմուկէ մը: Կը փորձեմ արագ շտկուիլ: Գլուխս կը բախի դամբարանի կափարիչին: Ցաւիս մէջ կը վերագտնեմ ամբողջական գիտակցութիւնս: Թանգարանը արդէն մտած է իր առօրեայէն ներս: Ժամանակն է դուրս գալու: Կը սրեմ լսողութիւնս. ո՛չ, հեռաւոր սրահներուն արձագանգ աղմուկը չէ այս մէկը. կարծէք, մօտերը, երկու հոգի բաներ մը կը շշնջան իրարու: Նոյնիսկ կը զատորոշեմ գերմաներէն բառերու հնչիւններ: Տղու եւ աղջկայ մեղմ խօսակցութիւն է: Աղջիկը կը քրքջայ: Աւելի կը լարեմ լսողութիւնս ու կը ժպտիմ. համբոյրներու շշունջն է: Սիրահարներ են կ՛երեւի, որ ինծի պէս ապահով գտեր են այս սենեակը: Միայն թէ չերկարեն: Պահիկ մը ետք կրկին լռութիւն է շուրջս: Զգուշութեամբ կը սողոսկիմ դամբարանէն դուրս: Կը հագուիմ վերարկուս, վրայ գլուխս կը շտկրտեմ եւ որպէս սովորական այցելու, հանդարտ քայլերով կը մտնեմ միւս բաւական բազմամարդ սենեակները: Քիչ ետք տաղաւարին առջեւն եմ: Առաջին ակնարկով իսկ կը հանգստանամ, կ՛ապահովուիմ. Անահիտը ցուցափեղկին մէջ, իր տեղն է: Մատով ցոյց տալով կիսանդրին, վաճառորդուհիէն կը խնդրեմ. - Կրնա՞մ տեսնել: Աղջիկը, միշտ շարունակելով շաղակրատանքը, անտարբեր՝ սեղանին կը դնէ կիսանդրին: Պահ մը զննելէ ետք, - Փաթթեցէք, խնդրեմ,- կ՛ըսեմ: Ու կը համրեմ դրամը: Ստուարաթուղթով եւ Բրիտանական Թանգարանին վկայագիր պիտակով պարուրուած, կիսանդրին կը յանձնուի ինծի: Ո՜ւֆ... ծրարը թեւիս տակ, առանց աճապարելու, անգլիացի ճենթլմէնի մը ծանրախոհ քայլերով դուրս կ՛ելլեմ Թանգարանէն: Հազարամեակէ մը աւելի երկար ժամանակով կորուստէ եւ գերեվարութենէ ետք, ահա՛, կ՛ազատագրեմ պապերուս մեծ դիցուհի աստուածուհին, Անահի՛տը մայրախնամ: Մինչ այդ, կարեւոր խնդրանք մը. փակենք մեր բերանները եւ բացարձակօրէն լուռ մնանք այս մասին: Չտարածենք փրկութեան աւետիսը: Թող Բրիտանական Թանգարանն ու ամբողջ աշխարհը շարունակեն հաւատալ, թէ Անահիտի հարազատ կիսանդրին իր նոյն տեղն է միշտ, Բրիտանական Թանգարանին մէկ աննշան անկիւնին մէջ, կերպընկալէ տուփին տակ: Քմծիծաղելու հերթը հիմա մերն է: Բարին ընդ ձեզ: