Վազգեն Շուշանեան «Բանաստեղծն ու կինը»


Դուրսը արեւ կայ ու աշնան առաւօտը այնքան գաղջ է, որ պատրանքը կու տայ Ապրիլի երեկոյան մը: Պզտիկ պարտեզ մը ունինք տանը ետեւը, բայց ծառերը մերկ են ու ածուները առանց ծաղկի: Հազիւ շաբաթ մըն է, որ փոխադրուած ենք հոս: Մեր տունն ու ընկերոջս բնակած ամառանոցը կը բացուին նո՛յն հողէ արահետին վրայ:


   Սեղանիս առջեւ կը կարդամ, մինչ Լիւսէթ սենեակը կը կարգաւորէ: Լռութիւնը այնքան խորունկ է, որ վերի յարկէն քայլերու աղմուկ մը կը լսուի: Քիչ յետոյ դաշնակին վրայ վերի երիտասարդ կինը օտար եղանակ մը կը նուագէ: Դուրսը հետզհետէ կը տաքնայ օրը: Թափառիկ ճառագայթները կը դեգերին Լիւսէթի մարմնին շուրջ: Կիրակնօրեայ զանգակի մը աղօտ ձայնը կը նուաղի միջոցին մեջ ու յանկարծ այն կը սկսի երգել նուրբ ու ստահակ ձայնով մը: Գողունի ակնարկ մը կը ձգէ դեմքիս, կ'իյնայ վրաս ու կը համբուրէ զիս: Խաղաղութիւնը անեզր է, օրը քաղցր:


   Կարելի չէ հոս նստիլ, երբ դուրսը խարտիշահեր է լոյսը: Գիրքս կը լքեմ ու միասին պարտէզ կ'իջնենք: Ծառի մը տակ կը նստինք, խոտին վրայ ու կը լռենք: Ու վերստին կը հետեւիմ երազիս, լուսաւոր ակօսներէ: Կ'ըսեմ`


   - Ձեռքէդ բռնած պիտի քեզ տանիմ` երկիր մը, ուր ջրերը կը կարկաչեն, ուր կապոյտ ճամբաներ կան, ուր սէրը օրենք է ու խաղաղութիւնը` իրական: Սպիտակ իրանդ պիտի ծածկեմ ծաղկէ պարեգօտով ու ճառագայթները պիտի բռնկին վարսերուդ վրայ: Պիտի սուրանք ծաղկած նշենիներու տակէն, հալածւած թեթեւ հովէն ու մեր ներբաններուն տակ կակաչները պիտի վառին, յակինթները պիտի արիւնին, մանիշակները վիրաւորուելով պիտի բուրեն: Կանաչ ու բարակ ջրի մը եզերքը պիտի նստինք, հովտաց շուշաններու վրայ Ապրիլի երեկոն նուրբ, մետաքսէ փափուկ վարագոյրի մը պես պիտի ծածանի վրանիս:


   Ձեռքերէս կը բռնէ ու գաղտնի վհատութեամբ մը կը նայի աչքերուս, վասնզի չի հասկնար երազը, որ կը հետապնդեմ: Ներկան կը բաւէ իրեն: Փախուստ մըն է երազը, որ կը յամառի ծուարիլ մարմնիս խորունկը:


   Մեր գլխուն վրայ բարակ հով մը ծեր սալորենիի մերկ ճիւղերը կը ցնցէ, վարսերը կը խառնուին վարսերուս: Ձեռքը ափիս մէջ՝ կը նմանի թանկագին գրաւի մը:


   Ի՜նչ փոյթ գէշ ու անկորուստ անցեալը, քանի որ մարմինս կը մոռնայ այսօր թէ այս հեզ ու աղուոր կինը, երկու ամիս անցորդ մարդոց հետ մաշած է պանդոկներու սեմը: Ներկան կրնայ երկարաձգուիլ:Կ'ուզէի որ այս սալորենին յանկարծ ծաղկէր ու աճապարանքով գարունը գար:


   Ես, - Դժուարը խախաղութեամբ ապրիլն է, ընդունելով ներկան ու իր ընծայած հրճուանքը: Ես մէկն եմ, որուն դէմքը միշտ ուղղուած է ապագայ լոյսերու: Մանկութենէ իվեր մարմնիս մէջ կը բնակի երազի մեծ կարողութիւն մը: Ամէ՛ն հաճոյք առաւել կամ նոււազ չափով յարաբերութեան մէջ է՝ ներքին եղելութեանց հէտ: Կասկածէ դուրս է, որ ամէ՛ն երջանկութեան կը խառնուի կամայական տարր մը, իրողութեան մէջ՝ կարեւորը Ներքին Կլիման է, որուն ելևէջներուն վրայ լոկ պարբերական ու մասնակի է ազդեցութիւնս: Անդորր կենցաղի մը բո՛լոր տարրերը կրնան խմբուած ըլլալ, որոշ օրերու, կեանքիս հորիզոնին վրայ, եթէ ներքին ալեկոծութիւնը բարձրանայ՝ ո՛չ մէկ ուժ կրնայ սանձել զինքը: Մէկն եմ, որ ընդմիշտ խաղալիքը պիտի ըլլայ յեղակարծ տրամադրութեանց անկումներու, որուն կեանքին մէջ երբեք չպիտի տիրէ քաղցր ներդաշնակութիւն մը արտաքին պատահարներու ու ներքին վիճակներու միջեւ: Կենդանի ներհակութիւն մը պիտի ըլլամ միշտ, ճօճելով երազին ու իրականութեան միջեւ…


   Կը խաղամ ծնրակապին հետ ու կը նայիմ բարեձեւ ու աղուոր սրունքներուն: Անշուշտ հիւանդ է արիւնս սիրով: Մեղմօրէն իր անցեալը կը պատմէ ինձ: Դէմքը կը լուսաւորուի ու ձայնը կը թրթռայ յուզումէն: Կը հիշեմ, չնչին պատճառով մը իրարմէ վշտացած էինք, այն երեկոյ: Կռնակս դարձուցած իրեն՝ կը ջանայի սեղանիս առջեւ ընթերցումով զբաղիլ, բայց ցիրտս կը տրոփէր ու ձեռքերս կը դողային ցուրտ զայրոյթիս պատճառաւ: Հաշտուիլ կարելի չէր: Ջղայնութեամբ բարձրացայ՝ գլանիկ մը վառել պատրուակելով, դիտելու համար Լիւսէթին շարժումները: Դէմքը գունատ էր ու աչքերը թաց էին: Լռութեամբ ելաւ, վերարկուն հագաւ ու ուղղուեցավ դէպի դուռը:


   - Ո՞ւր կ'երթաս, ըսի խստութեամբ՝ առանց հայեացքս բարձրացնելու:


   - Այդ բոլոր ըսածներէդ վերջ՝ ի՞նչպես կ'ուզես, որ մնամ, ըսաւ հեծկլտալէն:


   Երկարօրէն լռեցինք, ես՝ պատուհանին մօտ, ինք՝ դռան առջեւ, խուզարկելով ու զննելով իրար, սպասելով քաղցր խօսքի մը, որ կ'ուշանար: Երկուքս ալ ապերջանիկ ու դժգոհ էինք: Ի վերջոյ որոշեց մեկնիլ, զգացի իր խոնջ հայեացքը դէմքիս վրայ ու լսեցի քայլերը, որ կը հեռանային:


   - Անգամ մըն ալ ոտք չկոխես հոս, պոռացի ետեւէն:


   Կռնակի վրայ երկնցայ անկողնիս մէջ ու չյագեցած կիրքս արիւնս թունաւորեց: Կը յիշէի սիրոյ ժամեր, գգուանքներ ու գորովի խօսքերու զղջումը բերանս կը դառնացնէր: Կը մտածէի, որ կրնար իրապէս չվերադառնալ ու դիւրին յագեցումի հաւանականութեան կորստեան գաղափարը՝ եսասիրութիւնս կը խթանէր: Կը զգայի որ ստոր մտածում մըն էր ատիկա, բայց չէի կրնար զայն արմատախիլ ընել: Յետոյ քունը ինկաւ վրաս ու ընկղմեցայ գիշերուան խորունկը: Առտուան դէմ՝ շուն մը կարծես ձեռքս կը լզէր: Ընդոստ արթնցայ ու տեսայ որ Լիւսէթն է, տախտակամածին վրայ նստած, արմունկով յենած անկողնիս: Աչքերուն խորը՝ առաւօտը քաղցր էր:


   Առաւօտը կը ցրտէ: Ներսէն վերարկու մը կը բերեմ ու կը նետեմ ուսերուն:


   - Լի՛ւսէթ, դէմքդ տժգոյն է, կ'ըսեմ, ու ձեռքերդ պաղ են:


   Շրթներուն վրայ կը համբուրեմ զինքը, ծծելով անյագօրէն իր քաղցր երիտասարդութիւնը:


   - Բերանդ եւս պաղ է, կ'ըսեմ ցած ձայնով:


   Տրտմութեամբ կը նայի աչքերուս ու ձեռքս կը սեղմէ:


   - Գիտեմ, որ միշտ չպիտի սիրես զիս, կ'ըսէ հեզութեամբ, այն մարդոցմէն չես, որ մէկ սիրով կը գոհանան: Բո՛լոր ըսածներդ չեմ հասկնար, բայց կը զգամ որ զիս չէ, որ կը սիրես այլ կինը


   Կրնա՞յ ըլլալ միթէ, որ մինակը գտած ըլլայ, մթին զգացումներու շերտերուն տակ քնացած, այդ սարսափելի ճշմարտութիւնը: Հանդարտ սիրով մը՝ իր վարսերը կը շոյեմ, բայց կը զգամ, որ վիրաւորուած եմ սրտէս: Սիրականս կինն է ու գոյութեան իրաւունքս բանաստեղծութիւնը: Տարիներէ իվեր երազը գլխաւոր սնունդս է ու գիշերը ապաւենս:


   - Մտի՛կ ըրե, կ'ըսէ՝ գլուխը դնելով ուսիս, չըլլայ որ մէկէն լքես զիս: Ձգէ, որ կամաց-կամաց վարժուիմ բաժանման գաղափարին…


   - Ո՛չ ոք կրնայ ու իրաւունք ունի յանձնառութեան տակ մտնելու, կ'ըսեմ հայեացքս պահելով ու ջանալով պարկեշտ ըլլալ, ներկան քաղցր է ու լիովին կրնայ գոհացնել մեզ: Կ'ուզեմ որ երջանիկ ըլլաս այսօր…


   - Քիչ մը յոգնած եմ, կ'ըսէ փաթթուելով վզիս:


   Թեւերուս մէջ գրկած զինքը ներս կը տանիմ ու ինձ կը թուի թէ բազուկներուս վրայ իջած քաղցր բեռը յաւիտենական կինն է, որ իր երանքներուն մէջ կը կրէ սիրոյ անզուգական հաճոյքը: Կոյր ձիու մը պէս կը դառնայի հորին շուրջ ու պզտիկ աղջիկ մը յանկարծ նայուածքիս վերադարձուց իր յստակատեսութիւնը: Կը տուայտիմ անորոշ տառապանքով մը, նախազգալով ապագան: Էակէ էակ պիտի տարուբերուիմ ու ո՛չ ոքի քով խաղաղութիւն պիտի գտնեմ: Ցանկութիւնս, երկրէն աքսորեալ մէկուն պէս, պիտի դեգերի բոլոր կիներուն շուրջ ու ամե՛ն տեղ հոգիս անհանգիստ պիտի ըլլայ: Երբեք որևէ երդիքի տակ լրիւ անդորրութիւնը չպիտի դիմաւորէ զիս ու երկրի բո՛լոր աղջիկներէն ո՛չ մէկը կեանքի ընկերս ու կինս պիտի ըլլայ:


Վազգեն Շուշանեան


«Բանաստեղծն ու կինը» (գլուխ 9)